Սիրելի Հարազատներ, Նկատած եմ որ մարդիկ եւ իրավիճակներ ինչքա՜ն իրարմէ կախեալ են եւ այդ փոքրիկ բառը՝ «ԱՌԱՆՑ»ը, որքան կարեւորութիւն ունի, երբ մարդ սկսի խորհրդածել կեանքի սա կամ նա հանգամանքին կամ երեւոյթին մասին: Ինչպէս ընդհանրապէս ամէն մարդ, ես ալ տարեվերջին հաշիւի կը նստիմ ես ինծի հետ եւ խորհրդածութեան առարկայ կը դարձնեմ զանազան նիւթեր: Այսօրուան բարեմաղթութեանս հետ, 2020ի անկիւնադարձային տարուան ընթացքին պատահած դէպքերու ազդեցութեան ներքոյ՝ մի քանի խորհրդածութիւն կը բաժնեմ հարազատներուս հետ եւ կը մաղթեմ բոլորիդ՝ բարին ու միայն բարին: • Չկայ համաձայնութիւն առանց հանդուրժողութեան • Չկայ հարցի լուծում առանց համբերութեան • Չկայ միասնականութիւն առանց զիջողութեան • Չկայ զիջողութիւն առանց առարկայական մտածելաձեւի • Չկայ բարոյական յառաջխաղացք առանց ինքնաքննադատութեան • Չկայ յաղթանակ առանց յաղթելու կամքին • Չկայ մեծ ու անկեղծ սէր առանց փոխադարձ մեծ ու անկեղծ յարգանքի • Չկայ 2021 առանց 2020ի Եւ վերջապէս՝ Չկայ որեւէ իրագործում առանց Աստուծոյ կամքին Ձեր Նոր Տարին՝ Բարի Սուրբ Ծնունդը՝ Շնորհաւոր Նշան Պասմաճեան 31 Դեկտեմբեր 2020
REFLECTIONS AT THE START OF 2021 Dearest Ones, I have noticed how interdependent people and situations are, and how important that little word, "WITHOUT" is when one begins to ponder over circumstances or incidents in life. Similarly to everyone, I too personally reflect and take account of various matters at the end of each year. Today, with the turn of 2020, along with my best wishes, I would like to share my thoughts with my dearest ones, in light of the events of this past year, wishing you the best and only the best. • There is no agreement without tolerance • There is no solution to problems without patience • There is no unity without compromise • There is no compromise without objective thought • There is no moral progress without self-criticism • There is no victory without the will to win • There is no great and sincere love without great and sincere mutual respect • There is no 2021without 2020 And finally, There is no fulfilment without the will of God Happy New Year Merry Christmas
Comments